2015-07-25 08:00:00

Լիբանան. «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները` աւանդ եւ պատգամ» նիւթով խորհրդաժողով։


Կազմակերպութեամբ Մարոնիներու լիկային, երէկ «էն. Տի. Եու.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները` աւանդ եւ պատգամ» նիւթով խորհրդաժողովը` հովանաւորութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Ռոնի Արայժիի, Լիբանանի մէջ պապական պատուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի եւ մեծ թիւով պետական ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու:

Խորհրդաժողովին ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ քրիստոնեաները եւ անոնց եկեղեցիները պոկել Միջին Արեւելքէն, որովհետեւ Աստուած զանոնք այդ հողին մէջ ցանած է, իսկ նահատակներուն թափած արեան կաթիլները հողին հետ շաղախուող քրիստոնեայ հունտերն են:

Ռայի շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ Միջին Արեւելքը կարիքը ունի քրիստոնեայ համայնքին, որուն գոյութիւնը այդ շրջանին մէջ աւելի քան երկու հազար տարուան պատմութիւն ունի:

«Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը պիտի մնայ վկայութեան, ծառայութեան եւ պատգամի գոյութիւն, իսկ ճահճացումը կը ջնջէ իրենց պատգամը եւ կ՛ոտնակոխէ իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան շեշտեց, որ բազմազանութիւնը քաղաքակրթութիւններու եւ ընկերային շրջանակներու իմաստով հարստութիւն է եւ ոչ թէ ազգային միասնականութեան հաշուոյն համայնքներու քայքայում:

Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց իսլամ-քրիստոնեայ գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան ազգային համակեցութեան եւ համերաշխութեան օրինակելի տիպարն է, ուր կրօնը պետութենէն անջատ է եւ ժողովրդավարական կարգով կ՛ընթանայ ամէն բան:

«Լիբանան քաղաքակրթութեան թանկագին արժէք մըն է, ան ազատութեան պատգամ է եւ բազմազանութեան օրինակելի երկիրը, որ կը պահպանէ իր աւանդութիւնները եւ ինքզինք կը հարստացնէ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեամբ: Իսկ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը անհրաժեշտութիւն է», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

Իր խօսքին աւարտին, ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ճշդելու իրենց նախագահական թեկնածուները եւ կատարելու նախագահական ընտրութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանոնաւորել երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն ընթացքը եւ Լիբանան կարենայ իր ներդրումը ունենալ շրջանային տագնապներուն լուծման մէջ` վերջ տալով սպանութեան, քանդումին եւ բռնագաղթին:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ իրենք են պատգամը: «Քրիստոնեաները ծնած են այս շրջանին մէջ եւ կը մնան հոս, որովհետեւ այս հողերը իրենց պատգամին բնօրրանը կը նկատուին: Մեր ճակատագիրը խաչն է եւ մեր ընտրած ճամբան գողգոթան է, իսկ եթէ անիկա մեզի համար դժուար թուի, ուրեմն մենք քրիստոնեաներ եւ առաքեալներ չենք», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ իրենք շարժումներու կը նախաձեռնեն վտանգի փողեր հնչեցնելու եւ ոչ թէ այն նպատակով, որպէսզի առաջքը առնեն աղէտին եւ բռնագաղթին:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք կը կրեն խղճի եւ քրիստոնէական սկզբունքներու պատգամը եւ այդ զէնքերով պայքարած են զիրենք սուրի ու սովի ենթարկող ցեղասպաններուն դէմ` մերժելով անձնատուր ըլլալ անոնց եւ ներկայիս տիրող վայրագութիւններուն:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք բնաւ պիտի չընդունին իրենց իրաւունքներուն դէմ գործուած յարձակումը` աւելցնելով, որ եթէ անձնատուր ըլլան, ապա Միջին Արեւելքը պիտի տապալի ու քանդուի եւ դուռ պիտի բացուի նաեւ Արեւմուտքի քանդումին:

«Հետեւաբար մենք քաղաքական առումով պայքար կը մղենք եւ պիտի չտապալինք, որովհետեւ կը հաւատանք, այլ խօսքով` կրօնական, քաղաքական եւ ազգային առումով հաւատացեալներ ենք, իսկ ձախողութիւնը անհաւատներուն է», եզրափակեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.